Վերջ գտան ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւնները` նախագահ Օպամայի յաղթանակով: Ընտրութիւնները հարազատ արտացոլումն էին ԱՄՆ-ի ժողովուրդի կամարտայայտութեան: Սա կարեւոր հանգամանք է, որ մեր երկրի պարագային տակաւին չդարձաւ իրականութիւն: Ա՛լ ժամանակը չէ՞ արդեօք, որ համայն հայ ժողովուրդը միասնակամ պայքարի, որ ՀՀ-էն ներս ալ կայանան ազատ ու արդար ընտրութիւններ, որ մեր ժողովուրդն ալ դառնայ տէրը իր ճակատագրին: Մէկ ու բռունցքաւորուած ժողովուրդ դարձած, պէտք է միասնաբար պայքարինք ունենալու այն երկիրը, որուն մասին երազեր ենք դարերով: երկիր, ուր օրէնքը գերակայէ բոլորին անխտիր: Երկիր, որուն տէրն ու տիրականը չըլլան խումբ մը մենաշնորհեալ օլիկարխներ, այլ մենք բոլորս՝ ներկայ եւ գալիք սերունդները: Երկիր, ուր ազգային պետականութիւնը խարսխուած ըլլայ ազգային-բարոյական-մշակութային արժեհամակարգի վրայ, եւ ուր իշխանութիւնները հաղորդ ըլլան մեր ժողովուրդի ցաւերուն ու մտահոգութիւններուն, իղձերուն ու իտէալներուն: Ժամանակը շատոնց հասած է` նման երկիր ունենալու՝ մեր բոլորին միասնական ջանքերով, մաքառումով ու պայքարով:
Երան ԿՈՒՅՈՒՄՋՅԱՆ